2011-11-14 13:13:30

Բազմահազար Սուիրացիներու Ցոյցը` Դամասկոսի Մէջ: Առկախուած Սուրիոյ` Արաբական Լիկայի Անդամակցութիւնը։ 16 Նոյեմբերին Արտակարգ Ժողով՝Ռապաթի մէջ։


Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարները շաբաթ օր Գահիրէի մէջ գումարած իրենց ժողովին ընթացքին որոշեցին առկախել Սուրիոյ` Արաբական Լիկայի անդամակցութիւնը։ Որոշումին դէմ քուէարկեցին միայն Սուրիան, Լիբանանը ու Եմէնը, իսկ Իրաք ձեռնպահ մնաց: Նշենք, որ նախքան նախարարներու ժողովը, «Ալ-Արապիա» եւ «Ալ Ճազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանները արդէն իսկ հաղորդած էին, որ նիստի ընթացքին Սուրիոյ անդամակցութիւնը առկախելու կարելիութիւն մը գոյութիւն ունի:
Քաթարի վարչապետ Ալ Թանի յայտարարեց որ նկատի ունենալով թէ Սուրիա չէ յարգած արաբական նախարարական ծրագիրը անմիջապէս եւ ամբողջական կերպով կատարելու իր խոստումը, արաբ նախարարները որդեգրած են Սուրիոյ` Արաբական Լիկայի անդամակցութիւնը առկախելու որոշում մը: Ան նշեց, որ Սուրիոյ անդամակցութիւնը առկախուած պիտի մնայ, մինչեւ որ անիկա գործադրէ արաբական ծրագիրը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու մեծամասնութեան ղեկավարները ողջունեցին Սուրիոյ` առկախումը Արաբական Լիկայէն ։Նոյնպէս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ողջունեց որոշումը ։
Սուրիոյ` Արաբական Լիկայի անդամակցութեան առկախումը Սուրիոյ մէջ դիմաւորուեցաւ բողոքի մեծ ցոյցերով, որոնց ծիրին մէջ Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Լիպիոյ դեսպանատուները , ինչպէս նաեւ Դամասկոսի Օմայատներու հրապարակին վրայ նստացոյցեր տեղի ունեցան: Իսկ Լաթթաքիոյ մէջ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի հիւպատոսարանները յարձակումի ենթարկուեցան ։
Յառաջիկայ 16 Նոյեմբերին Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ տեղի պիտի ունենայ Արաբական Լիկայի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Արտակարգ մէկ Ժողովը՝ Սուրիոյ մասին,այն նոյն թուականին (16 նոյեմբեր) յորում Ռապաթի մէջ պիտի կայանայ ՝՝Թուրքիա-Արաբական Երկիրներ՝՝ Համաժողովը։








All the contents on this site are copyrighted ©.